2009-05-31 17:44:35

Պենտեկոստէ կամ Հոգեգալուստ` խորհրդածութիւն։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենտեկոստէ կամ Հոգեգալուստ` խորհրդածութիւն։



Կիրակի մայիս 31 2009-ին, Հայ Եկեղեցին կը տօնէ Հոգւոյն Սրբոյ Գալուստը ։

Քրիստոսի Եկեղեցին հիմնուեցաւ Հոգեգալուստի օրը։ Այդ օրն էր որ ''բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մեկտեղուած էին։ Յանկարծ սաստիկ հովի մը սուլոցին պէս ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը։ Յետոյ անոնք տեսան հրեղէն լեզուներ, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ։ Բոլոր ներկաները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան''։

Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է։ Իմաստութեան` Քրիստոսի կողմէ շինուած տունը։

Եկեղեցին` ճշմարտութեան սիւնն է եւ հաստատութիւնը։

Եկեղեցին` պատկերն է Երկնային իրականութիւններուն։

Եկեղեցին` հարսն է երկնաւոր փեսային։

Եկեղեցին` մենք ենք, մեր մկրտութեան պահէն սկսեալ, մեր քրիստոնեայ կոչուելով։

Որպէս Եկեղեցի` մենք կանչուած ենք Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար, որովհետեւ իր անսահման սիրով ու ներողամտութեամբ, Աստուած մեզ ընտրած է` իր զաւակները ըլլալու իր Եկեղեցիին մէջ։

Որպէս Եկեղեցի` մենք տաճար ենք Աստուծոյ համար։

Որպէս Եկեղեցի` մենք մասն ենք Քրիստոսի մարմնին։ Մենք անդամներ ենք այդ մարմնին եւ մեր ամբողջութիւնը կը գտնենք միայն Քրիստոսի մէջ։

Որպէս Եկեղեցի` մենք ընտանիք ենք Աստուծոյ։ Մենք գիտենք թէ Եկեղեցւոյ սուրբ աւազանէն մեր ծնունդով ու կնունքով կը պատկանինք Քրիստոսի։ Մենք ''Անոր մարմնին անդամներն ենք, Անոր միսէն ու ոսկորէն''։ Արենակից, ազգակից ու ընտանիք ենք Քրիստոսի։ Ահա թէ ինչու համար Պօղոս առաքեալը կը յիշեցնէ մեզի. ''Այլեւս Աստուծոյ համար օտար չէք դուք, ոչ ալ պանդուխտ, այլ` համաքաղաքացի էք սուրբերուն եւ Աստուծոյ ընտանիքին անդամ''։

Թող այս Հոգեգալուստի օրը, մեզի յիշեցնէ մեր կոչումը. մարդկային կեանքի բարձր, գեղեցիկ եւ գերազանց կոչումը։ Թող այս Հոգեգալուստի օրը, մենք յիշենք թէ Սուրբ Հոգին է որ բնակութիւն հաստատած է մեր մարմիններուն մէջ։ Թող այս Հոգեգալուստի օրը, մենք պատրաստ ըլլանք Աստուծոյ կոչին, ունկնդիր ըլլանք Տիրոջ ձայնին եւ ընդառաջենք Տիրոջ գործին։





Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց 8 նոր դեսպաններու հաւատարմագրերը` զօրակցութիւն միջազգային տնտեսական տագնապի մը որ կարող է դառնալ մարդկային աղէտ։



Ուրբաթ օրը Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց 8 նոր դեսպաններ, որոնք եկած էին իրենց հաւատարմագրերը ներկայացնելու Նորին Սրբութեան։

Իը արտասած ճառին մէջ Սրբզ. Հայրը կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան որ աշխատի աւելի եղբայրակցութեան ու զօրակցութեան համար, ժամանակի մը մէջ ուր կը գտնուինք համաշխարհային տնտեսական տագնապի մէջ, որպէսզի թերաճ երկիրները զոհ չդառնան մարդկային աղէտի մը։ 8 նոր դեսպանները կը ներկայացնեն Մոնկոլիան, Հնդկաստանը, Պէնանը, Նոր Զելանտիան, Հարաւային Ափրիկէն, Պուրքինա ֆազօ-ն, Նամիպիան եւ Նորվեկեան։ Ընկերային եւ տնտեսական տագնապին մասին անդրադառնալով Հռոմի Պապը իր մտավախութիւնը յայտնեց որ այս տագնապը չդառնայ մարդկային աղէտ մը երրորդ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու համար եւ մասնաւորապէս խնդրեց պաշտպանել մանուկները, որոնք առաջին անմեղ զոհերն են այս տագնապին։ Աղքատութիւնը կ'աճի, յառեց Սրբազան հայրը եւ անոր հետեւանքները ծանր են եթէ ոչ անդարձ։ Ի տես այս տագնապին գիտակցելու ենք հարկաւորութիւնը ճշմարիտ խաղաղութեան հաստատումին լաւագոյն աշխարհի մը համար։ Ամէնքս կանչուած ենք մեր սատարը բերելու, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան համաձայն։ Անդրադառնալով տագնապի հետեւանքով յառաջ եկած վհատութիւնը ու բռնութիւնը Նորին Սրբութիւնը դատապարտեց բոլոր անոնք որոնք յանուն Աստուծոյ կ'արդարացնեն իրենց պայքարը։ Ոչ ոք իրաւունք ունի պարապ տեղ Աստուծոյ անոնը կանչելու։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը նոր դեսպաններուն յիշեցուց իրենց պարտականութիւնը գործելու միջազգային հասարակութեան բարիքին համար, կաթողիկէ Եկեղեցին իր կարգին կ'ուզէ դրական վկայութիւն տալ մարդկութեան ապագային համար։



Յունիս 1-18 Վենիզուելլայի եպիսկոպոսական դասը կանոնական հնգամեայ այցելութիւն կը կատարէ Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Արխենթինայի եւ Փեռուի եպիսկոպոսները ընդունելէ ետք, կարգը հասաւ Վենիզուելլայի եպիսկոպոսներուն։ Վենիզուելլայի համահաւաք դասի եպիսկոպոսները կանոնական իրենց հնգամեայ այցը կատարած էին 2002ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին օրով։ Ներկայիս Վենիզուելլայի Եկեղեցին ունի 50 եպիսկոպոսներ եւ 39 եկեղեցական գաւառներ։ Վենիզուելլայի բնակչութեան 86 տոկոսը կաթողիկէ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.